2015-09-17 11:01:00

Գերապայծառ Թոմազի` ''միջազգային հասարակութիւնը կանչուած է յաղթահարելու ստրկութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Միջազգային հասարակութիւնը պէտք է մերժէ յարաբերականութեան քաղաքականութիւնը. ուր կարելիութիւն կը տրուի չարաշահելու ուրիշը ու զայն նկատելու որպէս առարկայ, անոր պարտադրելով տաժանելի աշխատանք ու զայն օգտագործելով որպէս ստրուկ'' ըսաւ գերապայծառ Թոմազի` Ս. Աթոռի մնայուն դէտը ՄԱԿի Ժընեւի կեդրոնին մօտ։

Ան ապա մատնանշեց թէ կայ նաեւ ստրկութեան այլ եղանակներ` ինչպէս մարմնավաճառութիւնը։ Գերապյածառ Թոմազի մէջբերեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, 2015-ի խաղաղութեան օրուայ պատգամը, որուն մէջ  Նորին Սրբութիւնը  կը խօսի կիներուն պարտադրուած ամուսնութեան մասին ինչպէս նաեւ կիներու վաճառքի մասին։

Սրբազան Հայրը նաեւ կը մատնանշէ մարմնոյ անդամներու վաճառքի մասին, մանուկներու զինագրութեան ու թմրեցուցիչ ծախելու շահագործումի մասին… ''Այս բոլոր երեւոյթները ունին որպէս արմատ այն համոզումը որ կարելի է օգտագործել ու շահագործել մարդ արարածը որպէս թէ ան ըլլար լոկ  առարկայ մը։ Պետութիւններուն կ՛իյնայ երաշխաւորել ամէն անհատին ապրելու ազատութիւնը ու արժանաւորութեան յարգանքը։ Այս նոյն իրաւունքը պէտք է երաշխաւորուի նաեւ  բոլոր գաղթականներուն'' ըսած է Վատիկանի դիւանագէտը ՄԱԿ-ի մէջ ունեցած իր ելոյթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.